Շաբաթ, 14. 03. 2026

spot_img

Արմէն Սարգսեան Պեռլինի Մէջ Մասնակցած Է Համաշխարհային Անվտանգութեան Հարցերով Քննարկումին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Պաշտօնական այցով Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութիւն գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Պեռլինի մէջ երէկ մասնակցած է Միւնխենի անվտանգութեան միջազգային համաժողովի կողմէ կազմակերպուած քննարկումին: 

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ միջոցառումին ներկայ եղած են համաժողովի նախագահ Ուոլֆկանկ Իշինկերը, ԳԴՀ արտաքին քաղաքական եւ պաշտպանական գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներ, Պունտեսթակի եւ Եւրախորհրդարանի պատգամաւորներ, անվտանգութեան հարցերով յայտնի փորձագէտներ, հետազօտական կեդրոններու ղեկավարներ:

Հանդիպումին քննարկումներ ծաւալուած է համաշխարհային անվտանգութեան, աշխարհի մէջ տեղի ունեցող սրընթաց փոփոխութիւններուն, առկայ մարտահրաւէրներուն եւ սպառնալիքներուն, զանոնք դիմակայելու հնարաւորութիւններուն շուրջ։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս նշած է, որ Հայաստանը բաց է գործակցութեան համար եւ պատրաստ է դառնալու տարաբնոյթ քննարկումներու հարթակ: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին