«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլի հաղորդմամբ՝ խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի հետ առաջին անգամ ըլլալով քննարկեցին կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին մէջ առկայ փակուղիի գործնական լուծումները:
«Առաջին անգամ ըլլալով գործնական ուղիներու եւ հաւանական լուծումներու մասին խօսեցանք խորհրդարանի նախագահին հետ: Եւ իրապէս բազմաթիւ ուղիներ կան այդ առումով: Ես անձամբ երեք հաւանական լուծումներու անդրադարձայ Նապիհ Պըրրիի հետ հանդիպումին: Բայց ամենակարեւորը սկզբունքներու պարագային համաձայնութեան գալ է: Այնուհետեւ մենք կրնանք դիւրաւ քննարկել բոլոր ուղիները»,- ըսաւ Պասիլ հանդիպումէն ետք հեռարձակուող խորհրդաժողովի ժամանակ:






