Շաբաթ, 24 Նոյեմբեր 2018ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Միջին Արեւելքի Համաշխարհային քրիսոնեայ ուսանողներու միութեան (World Student Christian Federation) Լիբանանի վարչութիւնը, որուն ատենապետն է Հայ եկեղեցւոյ Համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ) անդամ Կարէն Եոսուլքանեանը։
Յայտնենք, որ վարչութիւնը իր ժողովը գումարեց Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, որմէ ետք հանդիպում ունեցաւ Նորին Սրբութեան հետ։ Սոյն հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ վեհափառ հայրապետին տեղեկացնելու միութեան յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին, ինչպէս նաեւ արծարծելու վերջինիս աշխատելակերպը, լսելու հայրապետին խորհուրդները եւ ստանալու անոր օրհնութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը գնահատեց երիտասարդական միութեան վարչութեան տարած աշխատանքը եւ այս առիթով շեշտեց երիտասարդութեան գործուն մասնակցութիւնը միջեկեղեցական ոլորտին մէջ, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի Համաշխարհային քրիստոնեայ ուսանողներու միութեան տարած աշխատանքը այս ուղղութեամբ։ Ան կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ երիտասարդութիւնը հետեւողի ու դիտողի դերին մէջ պէտք չէ ըլլայ, այլ մասնակցողի, ղեկավարի ու առաջնորդողի դերակատարութիւն պէտք է ունենայ մեր կեանքին մէջ։ Ապա Վեհափառ հայրապետը ներկաներուն հետ բաժնեց իր փորձառութիւնը միջեկեղեցական կեանքին մէջ եւ տուաւ իր ցուցումներն ու օրհնութիւնը իրենց ներկայացուցած ծրագիրներուն եւ բարի երթ մաղթեց անոնց բոլոր աշխատանքներուն։






