Ուրբաթ, 13. 03. 2026

spot_img

Կառավարութեան Կազմաւորման Խնդիրի Լուծումը Կախուած Է Աունէն. Պըրրի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի ըսաւ, որ կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին մէջ առկայ փակուղիի լուծումը տրամաբանականօրէն կախուած է նախագահ Միշէլ Աունէն, որովհետեւ քաղաքական բոլոր կուսակցութիւնները կը շարունակեն յամառ մնալ իրենց դիրքորոշումներուն մէջ: Այս մասին կ’իմանանք «Ալ Ժումհուրիա» տեղական օրաթերթի հրապարակումէն:
Պըրրիի հաղորդմամբ՝ ան քաղաքական բոլոր կուսակցութիւններուն ուշադրութեան յանձնած է, որ Հըզպալլայի զօրակցութիւնը վայելող սիւննի անկախ երեսփոխանները նոր կառավարութեան մէջ ներկայացուցչութիւն ձեռք ձգելու պահանջի պարագային որեւէ ձեւով պիտի չդիմեն զիջումներու՝ աւելցնելով, որ թէ՛ ինքը, թէ՛ Հըզպալլան պիտի շարունակեն ամբողջապէս զօրակցիլ անոնց: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին