«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն կը կարծէ, որ սէուտացի լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի մարմինը մասնատած են երաժշտութեան ներքոյ:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, Թուրքիոյ ԱԳՆը յայտնած է «Suddeutsche Zeitung» թերթի հետ զրոյցի ժամանակ:
«Զինքը սպանած են 7 վայրկեանի ընթացքին: Փաստօրէն կանխամտածուած սպանութիւն եղած է: Դուք կրնաք ձայնագրութեան մէջ լսել, թէ ինչպէս դատաբժիշկը կը հրահանգէ միւսներուն: Անոնք պէտք է երաժշտութիւն լսէին, երբ կը մասնատէին դիակը: Կարելի է նկատել, թէ ան ինչպէս կը վայելէ այդ պահը»,- թերթի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Չաւուշօղլուն:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ, ըստ իրենց, այդ նպատակով Թուրքիա ժամանած մարդիկ չէին կրնար ինքնուրոյնաբար գործել:
«Մենք կը մտածենք, որ այդ գործի համար Թուրքիա եկած մարդիկը չէին կրնար ինքնուրոյնաբար գործել: Անոնք չէին համարձակիր: Ամէն պարագայի առանց ապացոյցի ես չեմ կրնար հաստատ բան ըսել»,- նշած է նախարարը:
Նախնական վարկածներու համաձայն՝ լրագրողը սպանուած է Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգի պատուէրով:






