«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Նոյեմբեր 26էն մինչեւ Դեկտեմբեր 5ը ներառեալ պիտի գտնուի արձակուրդի մէջ:
Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան արձակուրդ առնելու մտադրութեան մասին յայտնած էր Նոյեմբեր 25ին Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ կատարած գրառումի միջոցով: «Վաղուանից արձակուրդ եմ վերցնում՝ քարոզարշաւին լիարժէք մասնակցելու համար»,- գրած էր Փաշինեան:






