Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Իրաքի Մէջ Աւելի Քան 20 Մարդ Զոհուած Է Հեղեղումներէ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Առնուազն 21 մարդ զոհուած, իսկ 180 մարդ տուժած է Իրաքի տարբեր նահանգներուն մէջ մոլեգնող հեղեղումներէն: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, յայտնած է «Al Sumaria» հեռուստաալիքը՝ վկայակոչելով երկրի առողջապահութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Սեյֆ Պատրի յայտարարութիւնը: Աւելի կանուխ հեռուստաալիքը յայտնած էր, որ Իրաքի հիւսիսի Շերգաթ քաղաքին մէջ հեղեղումը 3 հազար տուն ջրասոյզ ըրած է եւ առնուազն եօթը մարդու մահուան պատճառ դարձած:

«Ըստ վերջին տուեալներու՝ եղանակային պայմաններու, անձրեւներու եւ հեղեղահոսքերու պատճառով մահացածներու թիւը հասած է 21ի, տուժած է 180 հոգի»,- ըսած է Պատրը:

Վերջին օրերուն, Իրաքի կարգ մը շրջաններուն մէջ յորդառատ անձրեւներ կը տեղան, յատկապէս տուժած է Սալահ Էլ Տին հիւսիսային նահանգի Շերգաթ քաղաքը:

Իրաքի խորհրդարանի խօսնակ Մուհամմետ ալ Խալպուսին դիմած է ՄԱԿին եւ մարդասիրական կազմակերպութիւններուն՝ օգնութիւն ցուցաբերելու խնդրանքով: Իրաքի վարչապետ Ատել Ապտըլ Մահտին կարգադրած է Սալահ Էլ Տինի մէջ ճգնաժամային խումբ ստեղծել զինուորականներու մասնակցութեամբ եւ ուղղաթիռներ ու ծանր սարք օգտագործել՝ մարդոց կեանքը փրկելու համար, հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին