«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –
Թուրք-իրանական սահմանային Իկտիրի նահանգին մէջ Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK) զինեալները թրքական զօրամաս հրթիռակոծած են:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնէ թրքական «CNN Turk»ը:
Հրթիռակոծութենէն ետք PKK զինեալներու եւ թուրք զինուորներու միջեւ փոխհրաձգութիւն սկսած է:
Փոխհրաձգութեան հետեւանքով մէկ թուրք զինուոր վիրաւորուած է:
Թրքական ԶՈւն յատուկ գործողութիւններ սկսած է PKK զինեալները բացայայտելու եւ ձերբակալելու ուղղութեամբ:






