«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ստորագրած է «Հայաստանի Հանրապետութեան 2019 թուականի պետական պիւտճէի մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:






