Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Հարիրիի Եւ Սիւննի Անկախ Երեսփոխաններու Բանակցութիւնները Որեւէ Արդիւնքի Պիտի Չյանգին. Մուսթաքպալ Շարժումի Երեսփոխան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիի եւ Հըզպալլայի զօրակցութիւնը վայելող սիւննի անկախ երեսփոխաններուն միջեւ հաւանական հանդիպումը որեւէ արդիւնքի պիտի չյանգի: Այս մասին Երկուշաբթի յայտնեց Մուսթաքպալ շարժումի օրէնսդիրը:
«Հարիրիի եւ սիւննի անկախ երեսփոխաններու հաւանական հանդիպումը որեւէ բան պիտի չփոխէ կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին մէջ առկայ փակուղիի խնդրով,- «Լիբանանի Ձայնը» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցի ժամանակ ըսաւ երեսփոխան Ասսեմ Արաժի:- Վարչապետի պաշտօնակատարը միմիայն իր դիրքորոշումը պիտի վերահաստատէ այդ հանդիպումին»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին