«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանան պիտի չկարենայ յաջողապէս դիմակայել ահաբեկչութիւնը, եթէ երկրի քաղաքական կողմերուն միջեւ պայմանաւորուածութիւն ձեռք չբերուի: Այս մասին Երկուշաբթի դիտել տուաւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Նուհատ Մաշնուք «Ահաբեկչութիւնը տարածաշրջանին մէջ եւ անոր ազդեցութիւնը Ափրիկէի մայրցամաքին վրայ» թեմայով տեղի ունեցած խորհրդաժողովի ժամանակ: