«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նիւ Զելանտայի մէջ գրեթէ 150 սեւ դելփիններ ափ նետուած են Սթուարթ կղզիին մէջ: Նոյեմբեր 26ին այս մասին յայտնած է «New Zealand» ռատիօկայանը, կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը:
Երբ Բնութեան պահպանութեան գերատեսչութեան աշխատակիցները կաթնասուններուն յայտնաբերած են, կենդանիներու կէսը արդէն սատկած եղած է: Մնացած դելփինները ստիպուած թունաւորելով սպաննած են: «Ատիկա միշտ ալ ծանր որոշում է, բայց ողջ մնացած դելփիններու՝ ովկիանոս վերադառնալու հաւանականութիւնը չափազանց ցած էր. վայրը, ուր անոնք ափ նետուած էին, մեկուսի է, եւ մենք պատահարի մասին շատ ուշ իմացանք»,- պատմած է գերատեսչութեան աշխատակից Ռեն Լեփենսը:
Նիւ Զելանտայի Բնութեան պահպանութեան գերատեսչութեան տուեալներով՝ երկրին մէջ ծովային խոշոր կենդանիներու զանգուածային անկումի շուրջ տարեկան 85 դէպք կ’արձանագրուի, հաղորդած է «ԹԱՍՍ»ը:






