«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –ԱՄՆի Հիւսիս-արեւմուտքի կեդրոնական մասին մէջ մոլեգնող ձիւնամրրիկի պատճառով հարիւրաւոր չուերթներ չեղարկուած են, փակուած են մի քանի մայրուղիներ, կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը:
Թռիչքներու հսկողութեան «FlightAware» կայքի տուեալներով՝ տեղական ժամանակով ժամը 18:00ի դրութեամբ չեղարկուած են ԱՄՆ ուղեւորուող կամ երկրէն մեկնող աւելի քանի 1200 չուերթներ: Լրատուամիջոցներու տուեալներով՝ ուժգին քամիներ ու ձիւնատեղումներ են Նեպրասքայի նահանգի մեծ մասի եւ Քանզասի, Այովայի եւ Միսուրիի նահանգներու մէկ մասին մէջ: Նեպրասքայի նահանգի արեւելեան մասին մէջ փակուած է Լինքոլն եւ Օմահա քաղաքներուն միջեւ ձգուող մայրուղիի մէկ հատուածը:
Օդերեւութաբանները 15էն մինչեւ 25 սմ ձիւն կը սպասեն ԱՄՆի Հիւսիս-արեւմտեան կողմը, առանձին նահանգներու մէջ կրնայ տեղալ մինչեւ 30 սմ ձիւն: Նոյեմբեր 26ին ձիւնամրրիկը կը տեղաշարժուի դէպի երկրի հիւսիս-արեւելեան մասը: Կ’ակնկալուի, որ ձիւնաբուքը կը մոլեգնի Ինտիանայի հիւսիսային մասը եւ Միչիկընի հարաւը, հաղորդած է «Ինթերֆաքս»ը:






