Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Իրանի Մէջ Երկրաշարժէն Տուժածներու Թիւը Հասած Է 550ի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Իրանի արեւմուտքի Քերմանշահի նահանգին մէջ երկրաշարժէն տուժածներու թիւը հասած է 550ի: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, յայտնած է «Press TV» տեղական հեռուստաալիքը:

Ցնցումները զգացուած են Քերմանշահի եւ Իլամի նահանգներուն, ինչպէս նաեւ Պաղտատի եւ Ազրպէյճանի մէջ: Աւելի կանուխ հաղորդուած էր 361 տուժածներու մասին Քերմանշահի նահանգի երեք քաղաքներու՝ Կիլիանկարպի, Քասրի եւ Սարպոլ Զահապի մէջ: «Rudaw» իրաքեան հեռուստաալիքը յայտնած է Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ մէկ զոհի մասին, իսկ 43 հոգի տուժած են:

Եւրոպական միջերկրածովեան երկրաշարժագիտական կեդրոնի տուեալներով՝ 6.3 աստիճանի երկրաշարժը տեղի ունեցած է Նոյեմբեր 25ին իրանա-իրաքեան սահմանին մօտ: Ցնցումները գրանցուած են տեղական ժամանակով ժամը 16:37ին: Արտակեդրոնը կը գտնուէր Պաղտատէն 150 քմ հիւսիս-արեւելք ինկած շրջանը, Սարպոլ Զահապ քաղաքէն 37 քմ հեռաւորութեան վրայ, հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին