«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Կիրակի վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի լաւատեսութիւն յայտնեց, որ կառավարութեան կազմաւորման խնդիրը այս կամ այն ձեւով պիտի յանգի յարմարագոյն լուծումի:
«Շատ պիտի չանդրադառնամ կառավարութեան կազմաւորման գործընթացի խափանման,- ըսաւ Հարիրի իր նստավայրին մէջ մամլոյ հեռարձակուող ասուլիսի ժամանակ:- Մենք պէտք է հասնինք յարմարագոյն լուծումի: Եւ կրնամ ըսել, որ այդ տեսակէտէն ես անձամբ լաւատես եմ»:






