Չորեքշաբթի, 04. 06. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Կը Պարգեւատրէ Լեռնագնաց Արա Խաչատուրեանը

Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2018ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ լեռնագնաց Արա Խաչատուրեանին հետ՝ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ ներկայութեամբ միաբան հայրերու, դպրեվանքի տիկնաց խորհուրդին, դպրեվանեցիներու եւ դպրեվանքի բարեկամներու։

Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. տ. Պօղոս վրդ. Թինքճեան իր բացման խօսքին մէջ յայտնեց, որ հայ ժողովուրդի իւրայատկութիւններէն մէկն է անհատական նուաճումներ հայութեան նուիրել։ Այս իմաստով ան հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց լեռնագնացին կենսագրականը։ Լիբանան ծնած եւ պատերազմի պատճառով Ֆրանսա գաղթած Խաչատուրեան 40 տարեկանին կը նետուի մարզական աշխարհ եւ կը բարձրանայ «Մոն պլան» եւ Արարատ լեռները։ Հայոց ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով ան կը նուաճէ աշխարհի բարձրագոյն գագաթը՝ Էվերեսթը։

Արա Խաչատուրեան խօսեցաւ իր լեռնագնացութեան արկածախնդրութիւններուն մասին՝ շեշտը դնելով դժուարութիւնները հաւատքով ու կամքով դիմագրաւելու հրամայականին վրայ։ Ան երկու կարճ տեսանիւթեր ցուցադրեց 2016 թուականին Էվերեսթ բարձրանալուն եւ 2018 թուականին Մարսէյէն Հայաստան վազելուն մասին։ Խաչատուրեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ լեռնագնացութեան ամէնէն խորհրդալից պահը հանդիսացած է երբ ինք, որպէս հայ, եռագոյնը բարձրացուցած է աշխարհի ամէնէն բարձր գագաթին՝ Էվերեսթի վրայ, եւ որպէս քրիստոնեայ՝ Աստուածաշունչը։ Ապա, ան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն։

Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը գնահատեց Խաչատուրեանի կորովն ու յաջողութիւնները եւ մատնանշեց երկու կարեւոր կէտեր՝ կամքի ու հաւատքի զօրութիւնը եւ աշխարհին ամէնէն բարձր գագաթին վրայ Աստուածաշունչի զետեղումը։ Աստուածաշունչը լերան գագաթը Խաչատուրեանի զետեղելուն մասին Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Զիս յուզեց Աստուածաշունչը Էվերեսթի գագաթին վրայ զետեղելը, եռագոյնի կողքին։ Սա ունի իր խորունկ պատգամը…»։ Ապա Հայրապետը Արա Խաչատուրեանը պարգեւատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»ի շքանշանով։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին