«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Կիրակի մարոնի համայնքի պատրիարք Պշարա Ռաաի խստօրէն քննադատեց կառավարութեան կազմաւորման անհիմն յետաձգումը: Այս մասին կը հաղորդեն տեղական լրատուամիջոցները:
«Անընդունելի է, անկախ պատճառէն, կառավարութեան կազմաւորման յետաձգումը»,- ըսաւ Ռաաի՝ ի տես կառավարութեան կազմաւորման փակուղիի շարունակութեան, որ, փաստօրէն, թեւակոխեց եօթներորդ ամիսը:






