«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հիւրընկալած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ նախագահն ու վեհափառ հայրապետը քննարկած են մեր երկրի ապագային, պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւններուն եւ ազգային-եկեղեցական կեանքի խնդիրներուն առնչուող հարցեր: Անոնք խօսած են նաեւ հայրենիք-սփիւռք կապերու մասին, կարեւորած անոնց սերտացումը, ինչը հնարաւորութիւն կու տայ միասնաբար դիմակայելու առկայ մարտահրաւէրները:






