Կեանքը Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի Մէջ
Երկիրի մը անկախութիւնը իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ անհատի մը հոգեմտաւոր կազդուրման եւ ազատ արտայայտուելու, կերտելու եւ ապրելու ուղիին մէջ:
Միջազգային հասկացողութեամբ, անկախութիւն եզրին ընդունելի իմաստը այն է, թէ տուեալ ազգ մը որոշ շրջան մը ապրած ըլլալով օտար ազգի մը իշխանութեան եւ տիրակալութեան ներքեւ՝ ի վերջոյ տարիներու ընթացքին կուտակուած ազգային իր ընդվզումը կ’արտայայտէ ապստամբելով օտարին տիրապետութեան դէմ եւ իր ֆիզիքական, մանաւանդ զինուած ուժերը հաւաքելով՝ բուռն, կարճ կամ երկար պայքարէ մը ետք, օտարը կը շպրտէ իր երկրէն դուրս եւ յեղափոխական այս արարքով կը հռչակէ իր անկախութիւնը: Անկախութիւնը ամէնօրեայ յամառ պայքար է: Ան հզօր պետութեան մը մենաշնորհը չէ միայն, այլ ունի բազմերանգներ՝ մռայլ պարտութենէ մինչեւ վառ յաղթանակ: Իւրաքանչիւր անհատ տարբեր ձեւով կ’ընկալէ զայն եւ կը դաստիարակուի այն ուղղութեամբ, զոր ինք ընտրած է:
Անկախութեան գաղափարի խորհուրդը ու անոր հետ առնչուող պատմական իրողութիւններու մատուցումը խիստ կարեւոր երեւոյթ է մատղաշ սերունդի միտքին մէջ յստակացնելու եւ ամրապնդելու համար անոր վեհ ոգին:
Լիբանանի անկախութեան տօնակատարութիւնը այս տարի եւս ընթացաւ յատուկ երանգաւորումով: Աշակերտներու պատրաստած յայտագրին կողքին, նաեւ իր ներկայութեամբ եւ սրտի խօսքով պատուեց Պէյրութի Տիքուանէ շրջանի ոստիկանական կեդրոնի ոստիկանապետ ենթասպայ տիար Ամին Լութֆի, որ, ընդառաջելով վարժարանիս տնօրէնութեան հրաւէրին, մեր մէջ գտնուեցաւ իբրեւ հիւր:
Այս յիշատակելի օրը՝ Չորեքշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2018, վարժարանիս մէջ կը տիրէր խանդավառ մթնոլորտ մը: Վարժարանիս արաբերէն լեզուի ուսուցչուհիներու ցուցումներուն հետեւելով՝ իւրաքանչիւր անձ գործի գլուխն անցած՝ կ’ուզէր իր լաւագոյնը տալ` պատշաճ ձեւով կազմակերպելու Լիբանանի անկախութեան յուշատօնը:
Հանդիսութեան ներկայ էին վարժարանիս հոգաբարձութեան ատենապետ ընկ. տոքթ. Յովիկ Վարդանեան եւ անդամներ: Աշակերտները վարժարանիս հանդիսասրահին մէջ Լիբանանի քայլերգը երգելէն ետք, բարի գալուստի խօսքը փոխանցեց միջնակարգի արաբերէն լեզուի դասատու տիկ. Նաժուա Եազպէք, որուն յաջորդեց միջն. Գ դասարանէն Յակոբ Պէքարեանի՝ անկախութեան առիթով պատրաստած իր խօսքը, որուն ընդմէջէն ան կոչ ուղղեց մէկ դրօշակի տակ վերակազմաւորման եւ վերամիաւորման՝ ամրապնդելով Լիբանանի սահմանները, կառչած մնալով անոր սկզբունքներուն, ձեռք-ձեռքի տալով բարգաւաճեցնելու եւ զարգացնելու համար երկիրը:
Նախակրթարան Բ. եւ Դ. դասարանի աշակերտները ներկայացուցին լիբանանեան հայրենասիրական երգերու շարք մը՝ ղեկավարութեամբ վարժարանիս երգի ուսուցչուհի օրդ. Ռիթա Գարամանուկեանի, ապա նախակրթարանի եւ միջն. Ա. դասարանի խումբ մը աշակերտներ արտասանեցին Լիբանանեան ազգային եւ ռազմահայրենասիրական զանազան բանաստեղծական հատուածներ, որմէ ետք վարժարանիս «Կարս» պարախումբը լիբանանեան ազգագրական պարով մը ճոխացուց մթնոլորտը:
Լիբանանի 75ամեայ անկախութեան առիթով պատրաստուած կրթադաստիարակչական տեսերիզը ցուցադրուելէ ետք, գեղարուեստական յայտագիրը եզրափակուեցաւ միջն. Բ. դասարանի կողմէ պատրաստուած լիբանանեան դրօշին պատկերը խորհրդանշող անկախութեան գաղափարա- խորհուրդը:
Պատուարժան հիւրին՝ Պէյրութի Տիքուանէ շրջանի ոստիկանական կեդրոնի ոստիկանապետ ենթասպայ տիար Ամին Լութֆիի կենսագրականը համառօտ ներկայացուց տիկ. Նաժուա Եազպէք, ուր ան կրկին անգամ արժեւորեց ենթասպայի կեանքին կարեւոր փուլերը, տարած ծառայութիւնները լիբանանեան հայրենիքին:
Ենթասպայ տիար Ամին Լութֆի բովանդակալից ու մանրակրկիտ բացատրութեամբ ներկաներուն փոխանցեց Լիբանանի պատմութիւնը, Լիբանանցիին դիմագրաւած այլազան դժուարութիւնները հասնելով մինչեւ փառապանծ անկախութիւն, որ տակաւին շարունակելով ա՛յդ յաղթերթը՝ իր ներկայութիւնը կը հաստատէ համաշխարհային քարտէսին վրայ՝ դրոշմելով իր ուրոյն ներկայութիւնը: Ան իր խօսքին ընդմէջէն իր ջերմ մաղթանքներն ու շնորհաւորանքները յղեց երկրին վսեմաշուք նախագահ զօրավար Միշէլ Աունին, լիբանանեան բանակին եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ուժերը ի սպաս կը դնեն Լիբանանի ժողովուրդին եւ ի մասնաւորի գաղութիս կեանքը հեզասահ ընթանալու համար, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետին՝ տիար Մարտիկ Պօղոսեանին: Իր շնորհաւորանքները յղեց նաեւ վարժարանիս հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչակազմին, որոնք ամէն ջանք ի գործ դնելով բարձր կը պահեն վարժարանիս պատիւն ու անոր կրթադաստիարակչական ասպարէզը՝ կրթելով եւ դաստիարակելով ազնիւ, հայրենասէր եւ բազում դժուարութիւններ յաղթահարող սերունդ մը:
Յայտագիրի աւարտին վարժարանիս տնօրէնուհին փոխանցեց իր սրտի խօսքը, ուր ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն, ի մասնաւորի օրուան հիւրին, որ իր սուղ ժամերը տրամադրելով պատուեց վարժարանիս կազմակերպած միջոցառումը, որմէ ետք ան իր խօսքը ուղղելով աշակերտութեան՝ յորդորեց անոնց հաւատարիմ մնալ լիբանանեան հայրենիքին անկախութեան խորհուրդին՝ յարատեւ աշխատանքով, քաջութեամբ ու գօտեպնդուած կամքով դիմագրաւելու բազում դժուարութիւններ: Ապա վարժարանիս հոգաբարձութեան ատենապետ ընկ. տոքթ. Յովիկ Վարդանեան յուշանուէրով մը պատուեց ենթասպայ տիար Ամին Լութֆին:
Ձեռնարկի աւարտին, ներկայ հիւրերը հատեցին կարկանդակ:
Վահան Թէքէեան Վարժարանի
Լրատուական Գրասենեակ