«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ընդունած է Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ գործակցութեան կազմակերպութեան Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի (ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ) ընտրութիւններու դիտորդական առաքելութեան ղեկավար, դեսպան Ուրշուլա Կաչեքը եւ առաքելութեան ղեկավարի տեղակալ Կորան Փետրովը:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ դիտորդական առաքելութեան ղեկավարը շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սարգսեանին՝ Ազգային ժողովի՝ 2018 թուականի Դեկտեմբեր 9ին կայանալիք արտահերթ ընտրութիւնը դիտարկելու հրաւէրին համար: Ան հակիրճ ներկայացուցած է դիտորդական առաքելութեան գործունէութիւնը կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ կտրուածքով ու նշած, որ առաքելութեան կը միանան նաեւ ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովի եւ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի դիտորդները:
Զրուցակիցները խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւնները չափազանց կարեւոր համարած են երկրի հետագայ յառաջընթացին համար:
Նշելով, որ ժողովրդավարութիւնը ո՛չ կը սկսի, ո՛չ ալ կ’աւարտի ընտրութիւններու օրը՝ նախագահ Սարգսեան ըսած է, որ անիկա մշտապէս զարգացող ու կատարելագործուող գործընթաց է, որ պէտք է դարձնել անշրջելի: Ան ընդգծած է քաղաքացիական հասարակութեան ու ժողովրդավարական զարգացած հիմնարկներու ամրապնդման ուղղուած ծրագիրներու եւ նախագիծերու մեծ նշանակութիւնը ու կարեւորած է այդ ուղղութեամբ գործակցութիւնը միջազգային գործընկերներու եւ տարբեր կառոյցներու հետ:






