«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ուրբաթ Մուսթաքպալ շարժումի երեսփոխան Մուհամմատ Հաժժար «Լիբանանի Ձայնը» տեղական ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին վերահաստատեց իր կուսակցութեան յստակ դիրքորոշումը՝ շեշտելով, որ Հըզպալլա կուսակցութեան ամբողջական զօրակցութիւնը վայելող վեց սիւննի երեսփոխանները իրաւասութիւնը չունին ներգրաւուելու յառաջիկայ կառավարութեան մէջ, պարզ այն պատճառով, որ անոնք խորհրդարանական մէկ միասնական պլոք չեն կազմեր:
«Ոեւէ մէկը չի հերքեր սիւննի անկախ երեսփոխաններու ներկայացուցչութեան իրաւասութիւնը, սակայն յատկապէս Հըզպալլայի զօրակցութիւնը վայելող 6 սիւննի երեսփոխանները խորհրդարանական պլոք մը չեն համարուիր»,- ըսաւ Հաժժար:
Այս առումով Հաժժար դիտել տուաւ, որ եթէ սիւննի երեսփոխաններու ներկայացուցչութեան խնդիրը չ’ըլլար, ապա վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրին վստահաբար նախարարական պաշտօնէութեան նախագիծով կը ներկայանար նախագահ Միշէլ Աունին՝ վերջնականապէս հանգուցալուծելով նոր կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին մէջ ամիսներ երկարող փակուղին:
Նշենք, որ վեց սիւննի երեսփոխաններն են՝ Հըզպալլայի խորհրդարանական պլոքի անդամ Ուալիտ Սուքքարիէ, Ամալ շարժումի քաղաքական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ, ինչպէս նաեւ Մարատա շարժումը ընդգրկող պլոքի անդամներ՝ Ժիհատ Ալ Սամատ եւ Ֆայսալ Քարամի: Իսկ Ատնան Թրապուլսին եւ Ապտըլ Ռահիմ Մրատը որեւէ պլոքի չեն պատկանիր:
Նոյն ծիրէն ներս Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի աւելի կանուխ մերժեց ընդունիլ անկախ սիւննիները ներկայացնող պատուիրակութիւնը: Այս մասին տեղեկութիւնը փոխանցէ «Լիբանանի Ձայն» կայանը, նշելով նաեւ, որ այն սիւննի քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները, որոնք յաջողեցան խորհրդարան մուտք գործել, փափաք յայտնած են հանդիպելու վարչապետին, քննարկելու համար կառավարութեան կազմութեան տագնապի վերաբերեալ վերջին զարգացումները:
Աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ Հարիրի ներկայիս չի պատրաստուիր ընդունիլ այդ պատուիրակութիւնը:
Յիշեցնենք, որ Մայիսէն ի վեր առկայ կառավարութեան կազմութեան տագնապը վերջին օրերուն դարձեալ մտաւ փակուղի, երբ վարչապետ Սաատ Հարիրի մերժեց 30 հոգիներէ բաղկանալիք կառավարութեան մէջ ներգրաւել անկախ եւ Մուսթաքպալ պլոքին հետ կապ չունեցող, սիւննիները ներկայացնող նախարար մը:
Յիշեցնենք նաեւ, որ նախորդ օրը զուգադիպող Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Զօր. Միշէլ Աուն, հանդէս եկած էր պատկերասփռուած պատգամով մը:
Ան խօսեցաւ երկրին առջեւ ծառացած բազմապիսի խնդիրներուն մասին եւ կոչ ուղղեց բոլոր կողմերուն, որպէսզի իրենք եւս զիջին եւ մասնակցին պետականաշինութեան կարեւոր գործին:
Ան մասնաւորապէս ըսաւ. « Մենք ժամանակի լուրջ խնդիր ունինք եւ Լիբանան չի կրնար սպասել, որ դարձեալ վատնենք այդ ժամանակը: Ես այս ամպիոնէն կոչ կ’ուղղեմ Լիբանանի բոլոր քաղաքական ուժերուն, անձնաւորութիւններուն եւ միութիւններուն, որպէսզի իրենք եւս զիջին իրենց անհատական շահերէն եւ մտածեն հաւաքական շահերուն մասին»:
Անկախութեան տօնին առիթով Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօրավար Միշէլ Աուն, ինչպէս նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրի ու խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի շնորհաւորութիւններ ընդունեցին Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ:






