Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

«Հեռուստամարաթոն-2018»ի Ընթացքին Հանգանակուեցաւ 11 Մլն 109 Հազար Տոլար

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լոս Անճելըսի մէջ մեկնարկած  «Հեռուստամարաթոն-2018»ի ընթացքին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին նուիրաբերուեցաւ 11 մլն 109 հազար 633 տոլար: «Արմէնփրես»ի փոխանցմամբ՝ այս մասին յայտարարուեցաւ հեռուստամարաթոնի աւարտին՝ Երեւանի ժամանակով ժամը 10:00ին: Միաժամանակ նշուեցաւ, որ հանգանակութիւնը դեռ կը շարունակուի, հետեւաբար գումարը կրնայ աճիլ:

Այս տարուան «Արարենք միասին» խորագրով հեռուստամարաթոնի միջոցներով կը շարունակուին Արցախի մէջ իրագործուող երկու կարեւոր ծրագիրներ, որոնք սկսած էին նախորդ տարի «Բերքառատ Արցախ» խորագրով հեռուստամարաթոնի միջոցներով: 

Առաջինը արցախեան գիւղատնտեսութեան գարգացման համար կենսական նշանակութեան խորքային հորերու հորատման եւ կաթիլային համակարգի կառուցման ծրագիրներն են: Մարտունիի ու Ասկերանի շրջաններուն մօտ 200 հա տարածք ոռոգելի կը դառնայ, ոռոգման ջուրը կը հասնի արցախցիներու խաղողի, ցորենի դաշտերուն, պտղատու այգիներուն: 13 խորքային հոր արդէն փորուած է անոր համար: Կ’ընթանան հորատանցքերու վրայ հեղուկներու վերհանման եւ տեղափոխման սարքակայաններու կառուցման աշխատանքները: 

Հեռուստամարաթոնի երկրորդ ուղղութիւնը Արցախի մէջ արեւային ուժանիւթի կիրարկումն է: Ծրագիրը սկսած է Շուշի շրջանէն: Քարինտակ համայնքի 50 տուներու մէջ կ’օգտագործեն այլընտրանքային ուժանիւթ: 2019ին արեւային ուժանիւթէն կ’օգտուին նաեւ Ասկերանի շրջանի բնակավայրերուն մէջ:
Բացի Արցախի մէջ իրականացուելիք ծրագիրներէ՝ «Հեռուստամարաթոն- 2018»ին նուիրաբերուած գումարները պիտի ուղղուին Հայաստանի համայնքային ենթակառուցուածքներուն, որոնք կը խթանեն աշխատատեղերու ստեղծումը:

21րդ հեռուստամարաթոնին հանգանակուած միջոցները, ինչպէս միշտ, պիտի նպատակաուղղուին թէ՛ Հայաստան, թէ՛ Արցախ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին