Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Ժողովրդավարութիւնը Մշտապէս Զարգացող Ու Կատարելագործուող Գործընթաց Է, Որ Պէտք Է Դարձնել Անշրջելի. Արմէն Սարգսեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ընդունած է Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ գործակցութեան կազմակերպութեան Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի (ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ) ընտրութիւններու դիտորդական առաքելութեան ղեկավար, դեսպան Ուրշուլա Կաչեքը եւ առաքելութեան ղեկավարի տեղակալ Կորան Փետրովը:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ նախագահի աշխատակազմի  հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ դիտորդական առաքելութեան ղեկավարը շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սարգսեանին՝ Ազգային ժողովի՝ 2018 թուականի Դեկտեմբեր 9ին կայանալիք արտահերթ ընտրութիւնը դիտարկելու հրաւէրին համար: Ան հակիրճ ներկայացուցած է դիտորդական առաքելութեան գործունէութիւնը կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ կտրուածքով ու նշած, որ առաքելութեան կը միանան նաեւ ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովի եւ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի դիտորդները:

Զրուցակիցները խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւնները չափազանց կարեւոր համարած են երկրի հետագայ յառաջընթացին համար:

Նշելով, որ ժողովրդավարութիւնը ո՛չ կը սկսի, ո՛չ ալ կ’աւարտի ընտրութիւններու օրը՝ նախագահ Սարգսեան ըսած է, որ անիկա մշտապէս զարգացող ու կատարելագործուող գործընթաց է, որ պէտք է դարձնել անշրջելի: Ան ընդգծած է քաղաքացիական հասարակութեան ու ժողովրդավարական զարգացած հիմնարկներու ամրապնդման ուղղուած ծրագիրներու եւ նախագիծերու մեծ նշանակութիւնը ու կարեւորած է այդ ուղղութեամբ գործակցութիւնը միջազգային գործընկերներու եւ տարբեր կառոյցներու հետ: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին