ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը խոր վիշտով կը սգայ ԹՄՄ Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի Կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ, ՌԱԿ-ի, ԹՄՄ-ի եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի տասնամեակներու գործօն անդամ, նուիրեալ թէքէեանական Տոքթ Գէորգ Քեշիշեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 16 Նո-յեմբեր 2018-ին, Լոս Անճելըսի մէջ։
Այս առիթով, մեր ցաւակցութիւնը կը յայտնենք Տիկ Սէսիլ Քեշիշեանին, հանգուցեալին որդւոյն Ալեքին ու դստեր Ալինին ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ համայն հարազատներուն։
ՅԱՆՈՒՆ ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ՝
ԲԱՐՍԵՂ ԳԱՐԹԱԼԵԱՆ, ԱՏԵՆԱՊԵՏ