Ս Գրիգոր Լուսաւորիչ Շաբաթօրեայ վարժարանը տօնեց Երեւանի 2800-ամեակը
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- 3 Նոյեմբեր 2018, Շաբաթ օր, Փասատինա քաղաքի Ս Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարանը աշակերտական յայտագիրով տօնեց Երեւանի հիմնադրութեան 2800-ամեակը: Վարժարանի աշակերտները նախ Երեւանի հին ու նոր լուսանկարներով պատրաստուած ցուցադրութիւն մը դիտեցին: Սահող նկարներուն հետ՝ աշակերտները լսեցին մայրաքաղաքի պատմութեան վերաբերեալ շահեկան գիտելիքներ, ներառեալ՝ անոր «մականունը»՝ «Վարդագոյն քաղաք»: Ցուցադրութիւնը անուանուած էր «Յետադարձ ակնարկ»: Ան աշակերտներուն ցոյց տուաւ, թէ Երեւանի բերդը, հիմնական պողոտաները, երեւելի շէնքերը, յուշարձանները եւ հրապարակները ինչպէս են այսօր եւ ինչպէս էին 50, 70 եւ 100 տարի առաջ:
Աշակերտները, որոնք դասարաններէն ներս մայրաքաղաքին նուիրուած երգերուն եւ բանաստեղծութիւններուն ծանօթացած էին, կուռ ձայնով երգեցին քաղաքի քայլերգը՝ «Էրեբունի-Երեւան»ը եւ Արմէն Մանդակունեանի «Երեւան, Երեւան» երգը: Մանկապարտէզի աշակերտուհիներէն, 7-ամեայ փոքրիկն Օտէթը արտասանեց հայրենասիրական գողտրիկ ոտանաւոր մը:
Վերջաւորութեան, Երեւանն ալ արժանապէս ունեցաւ իր կարկանդակը, որուն վրայ պատկերուած էր մայրաքաղաքի յատակագիծը՝ Արարատի եռաչափ կերտուածքի շուքին տակ:
Կը շնորհաւորենք մեր սիրուն մայրաքաղաքի ծնունդը եւ կը մաղթենք, ի՛նչ որ երգահան Մանդակունեանը մաղթած էր «Եւ ես ունեմ մի մեծ երազ, որ մնայ ջինջ երկինքը քո Երեւա՜ն, Երեւա՜ն, դու ապրիր յաւիտեան»:
Շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտութեան յաջորդ ծրագիրներն են Համահայկական Հիմնադրամի դրամահաւաքին մասնակցիլ ու սահմանապահ զինուորներուն նոր տարուայ բարեմաղթութիւններու նամակներ գրել եւ զանոնք Արցախ հասցնել:
ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ






