Չորեքշաբթի, 04. 02. 2026

spot_img

Վեհանոյշ Թէքեան 70

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ,  մասնակցութեամբ ԹՄՄ, Նոր Սերունդ եւ Պոլսահայ միութիւններու եւ «Ասպարէզ» օրաթերթին, Ուրբաթ Նոյեմբեր 9-ի երեկոյեան մեծարուեցաւ բանաստեղծ եւ արձակագիր Վեհանոյշ Թեքեան, ծննդեան 70-րդ եւ գրական գործունէութեան  50-րդ տարեդարձներուն առիթով։ Գլխաւոր բանախօսն էր UCLA-ի հայագիտական առարկաներու դասախօս՝ Փրոֆ Յակոբ Կիւլլիւճեան։ Հանդիսավար՝ Քնար Գորթոշեան, յոբելեարին կեանքի ուղին՝ Վանիա Պապիկեան, մեներգ՝ Թամար Թիւֆէնքճեան, շնորհաւորանք՝ Համազգայինի ատենապետուհի Սեդա Սիմոնեան եւ սրտի խօսք՝ Վեհանոյշ Թէքեան։

Երեկոյին ընթացքին հեղինակէն ընթերցումներ կատարեցին խումբ մը շնորհալի աշակերտներ Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանէն։

Հանդիսութեան ընթացքին բեմ բարձրացան կազմակերպիչ միութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք յիշատակի լուսանկար մը քաշուեցան նիւեորքաբնակ, նախկին լիբանանահայ բանաստեղծուհիին հետ։ Անոր յանձնուեցաւ մատեան մը, ուր հաւաքուած եւ ի մի բերուած էին շնորհաւորական խօսքեր գաղութէ մտաւորականութենէն։

Թեքեանի գրիչին կը պատկանին՝ «Կապոյտ Ապրիլ», «Ոստրէ», «Ճեղքուած մանրանկար», «Կիզակէտ», «Նշանագիր», «Բազմածուփ աշխարհ», «Տոհմածառ», «Սնունդ եւ անդունդ», «Հրագիր», «Խօսող լերան պատմութիւնը», «Աղօքթներ ուկանի մէջ», «Սփիւռքագիր» եւ «Սփիւռքապատում» հատորները վերջին երկուքը հրատարակուած են 2017-ին։

Միջոցառումէն օր մը առաջ Գերշ Տ Մուշեղ Արք Մարտիրոսեան  պատուած էր հեղինակը «Ս Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով։

Մեր շնորհաւորանքը Վեհանոյշ Թեքեանին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին