«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ- Այսօր Լիբանանի Անկախութեան 75ամեակն է: Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին այն առաջատար ղեկավարներէն էր, որ շնորհաւորեց Լիբանանը անկախութեան 75ամեակի կապակցութեամբ:
«Վստահօրէն պիտի շարունակուի արդիւնաւէտ գործակցութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ՝ ի նպաստ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ապահովութեան եւ կայունութեան բարձրացման»,- Լիբանանի նախագահական գրասենեակը մէջբերած է Փութինի՝ նախագահ Միշէլ Աունին յղած խօսքը:
Մեծն Բրիտանիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհին եւ Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպանը Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով բարօրութիւն եւ ուրախութիւն բարեմաղթեցին Լիբանանի բովանդակ ժողովուրդին:
Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպանի կողմէ նախագահ Միշէլ Աունին յանձնուած շնորհաւորական նամակին մէջ Էլիզապէթ Բ. թագուհին մասնաւորապէս ըսած է. «Ինծի համար մեծ ուրախութիւն է իմ ամենաջերմ շնորհաւորանքներս յղել Ձե՛րդ գերազանցութեան, ինչպէս նաեւ բարօրութիւն եւ ուրախութիւն բարեմաղթել Լիբանանի բովանդակ ժողովուրդին Ձեր ազգային տօնի՝ երկրի անկախութեան 73ամեակի կապակցութեամբ»:
Աուն շնորհաւորական նամակներ ստացաւ նաեւ Ալճերիոյ, Աւստրիոյ, Խրուաթիոյ, Եգիպտոսի, Կապոնի, Մորոքոյի, Պաղեստինի, Սէուտական Արաբիոյ, Սուրիոյ, Թունիսի եւ Թուրքիոյ նախագահներէն:
Անկախութեան տօնին առիթով այսօր տեղի պիտի ունենայ նաեւ զինուորական զօրահանդէս:






