Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

Բարեհամբոյր Տոքթ Գէորգ Քեշիշեանը Պէյլան, 1931 – Լոս Անճելըս, 2018

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Տոքթ. Գէորգ Քեշիշեան ծնած է Պէյլան (պատմականօրէն՝ Սուրիա), Օգոստոս 1931-ին։ Ապրած է Սուրիա, Լիբանան եւ Միացեալ Նահանգներ, հանդիսանալով յետեղեռնեան հայոց պատմութեան ապրող վկան։

Նախնական ուսումը ստացած է Հալէպի Այնթապի Կրթասիրաց նախակրթարանին մէջ, իսկ երկրորդականը՝ Հալէպի Ֆրանսական լիսէին մէջ։

Հալէպէն Պէյրութ տեղափոխուած է 1951-ին, բարձրագոյն կրթութիւնը շարունակելու համար տեղւոյն Սէն Ժոզէֆ համալսարանի բժշկական դպրոցին մէջ, մասնագիտանալով մանկաբուժութեան մէջ։

ԱՄՆ-ի մէջ կը հետեւի Շողանկարչական  (Radiology) ճիւղին՝ Նիւ Ինկլընտի եւ Թաֆթ համալսարաններուն մէջ։ Տարիներ Արեւելեան ափ ապրելէ ու գործելէ ետք, կը հաստատուի Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան ափ՝ Լոս Անճըելըս, Քալիֆորնիա։

Տոքթ Քեշիշեան հեղինակած է բժշկական-դաստիարակչական չորս գիրքեր։

Ան հասարակական բեղուն անցեալ մը ունի։

. Տակաւին 14 տարեկան, հիմնադիրն է Հալէպի ՀԲԸՄ-ի Ուսանողաց միութեան, որ մինչեւ այսօր կը գործէ։

. Ատենապետ՝ ՀԲԸՄ-ի Պէյրութի Հայ համալսարանական ուսանողաց միութեան։

. Երկարամեայ դիւանի անդամ Միջին Արեւելքի ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ Գործադիր մարմինի։

. Ատենադպիր Լիբանանահայ բժշկական միութեան։

. Ատենապետ ՀԵԸ-ի Մշակութային կեդրոնական մարմինի, Պէյրութ։

1968-ին ԱՄՆ հաստատուելէ ետք՝

. 1969-ին, հիմնադիր ատենապետ Պոսթոնի ՀԲԸՄ ՀԵԸ-ի մասնաճիւղին։

. Հիմնադիր ատենապետ՝ Ամերիկայի հայ բժշկական միութեան Պոսթոնի մէջ։

. Անդամ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչական ժողովի 18 տարի՝ Ալեք Մանուկեանի, Լուիզ Սիմոնի եւ Պերճ Սեդրակեանի հետ։

. Ատենապետ ԱՄՆ-ի ԹՄՄ Կեդրոնական վարչութեան։

. Անդամ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ։

. ՀԲԸՄ-ի վեթերան եւ պատուոյ անդամ։

***

Ընկեր Գէորգ Քեշիշեան հանրածանօթ եւ փնտռուած բեմբասաց էր, հրապարակագիր եւ հրապարակախօս։ Անոր գրութիւնները տասնամեակներ շարունակ զարդարած են սփիւռքահայ մամուլի էջերը, որոնցմէ անմասն մնացած չէ նաեւ ՆՈՐ ՕՐ։

Տիկինը՝ Սէսիլ Սիմոնեան, նոյնպէս ծանօթ ու յարգուած հասարակական գործիչ է, “Ellis Island”-ի դափնեկիր։ Տոքթ Քէշիշեան իր ետին կը թողու մանչն ու դուստրը՝ Ալէք եւ Ալին, որոնք ֆիլմարուեստի իրենց մասնագիտութիւններուն մէջ որպէս յաջողակ դէմքեր, պատիւ կը բերեն Քեշիշեան ընտանիքին։

Տոքթ Քեշիշեան իր բարեհամբոյր ժպիտով, համեստութեամբ, քաղաքավարական ազնուականութեամբ, կնամեծարութեամբ, Տիկ Սէսիլի հետ վեց տասնամեակ աւանդական ընտանիք պահելով, միութենականի լայնախոհութեամբ, եկեղեցանուէր հաւատքով, թէքէեանականի մշակութասիրութեամբ, կուսակցականի ազգային ջիղով եւ վերջապէս մեծատառ Մարդ, որ գիտցաւ ե՞րբ եւ որո՞ւ գրպանը բանալ, տալով ոչ միայն իր սիրտէն ու հոգիէն, այլեւ՝ նիւթական զոհողութիւններով, որովհետեւ հաւատա՛ց Սփիւռք կոչուող նաւուն, որ կը թիավարենք հոսանքն ի վեր։

Մեր բոլորին սիրելի Տոքթոր Քեշիշեանը չկայ։ Սակայն անոր գործն է անմահ։ Բարի երթ քեզի՛ ընկեր Քեշիշեան, դէպի յաւերժութիւն։

 

ՆՈՐ ՕՐ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին