ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը իր համայն անդամակցութեան կողմէ խորին ցաւակցութիւններ կը յայտնէ Սէսիլ Քեշիշեանին, Ալէք եւ Ալին Քեշիշեաններուն եւ անոնց ընտանեկան պարագաներուն, կուսակցական վեթերան անդամ, ՌԱԿ Կեդրոնական, ԹՄՄ Կեդրոնական, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւններու նախկին անդամ, նուիրուեալ կուսակցական, թէքէեանական եւ ՀԲԸ Միութեան հաւատաւոր եւ պատուոյ անդամ՝
ԸՆԿ ՏՈՔԹ ԳԷՈՐԳ ՔԵՇԻՇԵԱՆԻ
մահուան առիթով։
Տոքթորը մեր յիշողութիւններուն մէջ պիտի մնայ որպէս օրինակելի սփիւռքահայ, դրական լիցքերով լաւատես մարդ, չափաւորական, ընտանիքի տիպար հայր եւ ամուսին։
ՌԱԿ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ