ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հովանաւորութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ՝ Գերշ Տ Յովնան Արք Տէրտէրեանի, կազմակերպութեամբ Ս Յակոբ Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, Շաբաթ, 10 Նոյեմբերին, ,Մարիոթ Մարինա Տէլ Ռէյե հիւրանոցի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս Յակոբ Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 75-ամեակը։ Այս առթիւ, ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը յղած էր իր օրհնութեան գիրը։
Օրուան հանդիսավարն էր Արժ Տ Վազգէն Քհն Մովսէսեան։ Սեղանի օրհնութիւնը կատարեց Ս Յակոբ Եկեղեցոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ Տ Յարութիւն Քհնյ Թաշճեան։ Ներկայ էին Թեմակալ Առաջնորդը Յովնան Արք Տէրտէրեան,– որ փոխանցեց իր խօսքը,– ծխականներ, բարերարներ եւ հաւատացեալներ։
Ընթրիքի ընթացքին կատարուեցաւ գեղարուեստական գողտրիկ յայտագիր մը եւ ապա յատուկ տեսաերիզով մը Ս Յակոբ Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան եւ գործունէութեան պատմականը ներկայացուեցաւ։






