Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ցաւակցագիրը Տոքթ Գէորգ Քեշիշեանի մահուան առթիւ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- արգարժան ատենապետ եւ անդամներ ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան

Սիրելի ընկերուհիներ եւ ընկերներ,

Սրտի դառն կսկիծով ստացանք մահուան գոյժը գաղափարի նուիրեալ, խիզախ եւ հաւատաւոր ազգային-մտաւորական Ընկ Տոքթ Գէորգ Քեշիշեանի։

Հոգեհարազատ Տոքթ Քեշիշեանի մեկնումով լոսանճելըսահայ համայնքը մասնաւորաբար եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը ընդհանրապէս կը կորսնցնեն ազգային խոր եւ աներեր գաղափարներու տէր, առաքինի երախտաւոր մը, որ վեց տասնամեակներէ աւելի ծառայեց ի նպաստ մեր հայրենիքի եւ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն։

Այս տխուր առիթով կը խնդրենք, որ ընդունիք ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ մեր ամբողջ անդամակցութեան ցաւակցական անկեղծ զգացումները, զանոնք փոխանցելու համար նաեւ մեր ընկերոջ կողակիցին՝ Սէսիլին, զաւակներուն՝ Ալեքին եւ Ալինին եւ անոնց ընտանեկան պարագաներուն։

Տոքթ Գէորգ Քեշիշեանի հոգին թող միշտ ըլլայ լուսաշող անոր յիշատակը տեւապէս պիտի մնայ անթառամ բոլոր զինք ճանչցողներուն սիրտերուն մէջ։

 

Ի դիմաց ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան՝

 

    Սեւակ Յակոբեան                                               Սերխիօ Նահապետեան

        Ատենադպիր                                                    Ատենապետ

 

19 Նոյեմբեր 2018

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին