ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 19-ի երեկոյեան, «Կլենտէյլ Հիլթըն»-ի մէջ ՌԱԿ Կեդրոնական եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնները ներկայացնող պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին հետ, որ Քալիֆորնիա կը գտնուի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տարեկան Թելեթոնին առիթով։
Հանդիպումը առիթ հանդիսացած է քննարկելու Արցախի, Հայաստանի եւ տարածաշրջանի այսօրուան իրավիճակը, արծարծելով նաեւ հայրենիքի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական վերջին զարգացումները։
ՌԱԿ իր անվերապահ զօրակցութիւնը արտայայտած է Արցախի քաջարի ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ կամքը՝ շարունակելու գործակցութիւնը յանուն աւելի ուժեղ եւ աւելի բարգաւաճ հայրենիքի։ Ներկաները շեշտած են կարեւորութիւնը Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի հզօրացման եւ գործակցութեան։