ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Գոյժը հասաւ Լոս Անճելըսէն:
Ոչ եւս է Տոքթ Գէորգ Քեշիշեանը:
Վաթսունամեայ տեւողութեամբ բարեկամութիւն մը յանկարծօրէն կ’ընդհատուի՝ անձնատուր բնութեան կանչին: Մահուան գոյժը կը վերաբերի մարդ արարածի երկրաւոր կեանքի աւարտին, ու մեզի կը թելադրէ խորհրդածել ու հաւատալ «ոգեղէն կեանք»ի յաւերժութեան մասին:
Ասպարէզով բժիշկ էր: Բժշկագիտական իր գործունէութեան կը միացնէր նաեւ իր հանգամանալից գրութիւնները նուիրուած նորահաս սերունդներու առողջ դաստիարակութեան գործին: Գէթ՝ ինծի ծանօթ են լոյս տեսած իր չորս գիրքերը, որոնցմէ ոմանք արժանացած են մէկէ աւելի հրատարակութիւններու: Ազգային-մշակութային մեր գործունէութիւնը կը կեդրոնանար ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի եւ ՌԱԿ-ԹՄՄ-ի զոյգ եւ համահաւասար գաղափարախօսութեան վրայ, երբ «Շիրակ» գրական ամսագիրի խմբագրակազմի անդամներ էինք «երազային Պէյրութ»ի 1965-70-ական
թուականներուն՝ գլխաւորութեամբ՝ Օննիկ Սարգիսեանի:
Արդարեւ, մեծ եղաւ ներդրումը Տոքթ Քեշիշեանին լիբանանահայ մեր ազգային-մշակութային կեանքին մէջ, յատկապէս զօրակցութեամբը իր հաւատաւոր կողակիցին՝ Սեսիլ Սիմոնեան-Քեշիշեանի անմնացորդ եւ ամբողջանուէր նուիրումին: Այս պահուս, Գէորգին դառնաթախիծ կորուստին առիթով, երբ կը ցաւակցիմ Սեսիլին, մեր յիշարժան մանկութեան նոյն դասարանը յուշող հեռաւոր անցեալ մը կը ստուերագծուի երեւակայութեանս պաստառին վրայ:
Մենք ու մեր սերնդակից սերունդներ, տակաւին պատրաստ ենք շարունակելու մեր ստանձնած պարտաւորութիւնները, պատրաստելով մեզ յաջորդող յանձնառու ժառանգորդներ:
Սոյն տողերով՝ կրկնակի մեր վշտակցութիւնը նորոգ հանգուցեալ ընկերոջ
ընտանիքին անդամներուն ու հարազատներուն, ինչպէս նաեւ՝ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի եւ ՌԱԿ-ԹՄՄ-ի ղեկավար մարմիններուն եւ համընդհանուր անդամակցութեան, որոնց հետ եղած էր գործակից: Պարզ շարքայինէն մինչեւ վարչական բարձրագոյն պաշտօններ:
Սիրելի Գէորգ, քու կեանքդ՝ իբրեւ մարդասէր բժիշկ, եղաւ բարիք մը մեր ժողովուրդին, եւ իբրեւ ազգային-մշակութային գործիչ՝ հայրենասիրութեան պատգամ մը՝ նորահաս սերունդներուն:
Մենք՝ հպարտ ենք, որ եղանք քեզի ժամանակակից ու գործակից բազում տարիներ:
Այժմ, ննջէ խաղաղ, երկրաւոր կեանքիդ քու արդար վաստակով:
Յաւերժ ԼՈՅՍ ՈՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ քու հոգիիդ:
Յիշատակդ մնայ ընդմիշտ՝ ջինջ ու պայծառ:
ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ
Պէյրութ, 19 Նոյեմբեր 2018






