(Ծնեալ՝ 24 Օգոստոս 1931-ին)
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր եւ հարազատին՝ Տոքթ Գէորգ Քեշիշեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 16 Նոյեմբեր 2018-ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 2 Դեկտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4։00-ին, Պրպենքի Ս Ղեւոնդեանց Առաջնորդանիստ Մայր տաճարին մէջ, 3325 N Glenoaks Blvd, Burbank, CA 91504։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Սէսիլ Քեշիշեան
Զաւակը՝ Ալէք Քեշիշեան
Դուստրը՝ Ալին եւ Քիդդ Թրոյր եւ զաւակները՝ Լուլու եւ Ճեսի
Աներորդին՝ Տոքթ Սիմոն եւ Արփի Սիմոնեան եւ զաւակները
Քենին՝ Ռիթա Պալեան եւ զաւակները (Վըրճինիա)
Քենին՝ Անի Թոթահ եւ զաւակները (Մերիլենտ)
եւ համայն Պալիկեան, Գուշեան, Գասպարեան, Գալստեան, Աժտահարեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները։
***
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ՀԲԸՄ-ին, Թէքէեան Մշակութային Միութեան կամ Հոլիվուտի Ս Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ վերաշինութեան։