Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

Հրաժեշտ Ընկ. Հրայր Հովիւեանին

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Անժամանակ, մեզմէ յաւէտ բաժնուեցաւ Փրոֆ. Հրայր Հովիւեանը Պէյրութի մէջ, Լիբանան։ Ան մահացած է անցեալ Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 15-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, իսկ յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը տեղի ունեցած են Շաբաթ, Նոյեմբեր 17-ին։ Դամբանականը արտասանած է ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր, «Զարթօնք» օրաթերթի խմբագիր Ընկ. Սեւակ Յակոբեան։

Ընկ. Հովիւեան ծնած էր 1955-ին, Պէյրութ։ Եղած է աշխոյժ անդամ, վարչական եւ ստանձնած ղեկավար պաշտօններ Լիբանանի Թէքէեան վարժարանի հոգաբարձութեան, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու թէ տեղական մարմիններուն մէջ եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան տարբեր միաւորներէ ներս։

Այս առիթով, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը հիմնած է կրթանպաստի հիմնադրամ մը  Հրայր Հովիւեանի անուամբ՝ Թէքէեան միջնակարգ վարաժարանի սան-սանուհիներուն համար։

***

Գաղափարակից ընկեր մը եւս հեռացաւ մեզմէ։ Ընկեր Հովիւեան պիտի յիշուի իր սուր տրամաբանութեամբ ու համակ նուիրումով։ Ան այնպիսի ոգեւորութիւն մը կ՚ապրէր հայ ժողովուրդին ու ՌԱԿ-ի հետ իրագործուած յաջողութիւններով, որ այսօր երբ կը թարմացնենք մեր յիշողութիւնները, միայն լաւն ու բարին կը յիշենք։ Անոր հանդէպ  յատուկ սէր մը ունիմ. պատճառը այն է, որ ան իմ երկրորդ կնքահայրս էր, կուսակցական կնքահայրս, որուն 30-ամեակը լրացաւ այս տարի։ Շարունակող է պէտք, Գործը շարունակող է պէտք. մտածենք եւ քայլ առնենք…

Հ.Ս. 

***

Ընկ. Հ. Հովիւեանի մահուան առիթով, ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնն ու ՆՈՐ ՕՐ-ի վարչական ու խմբագրական կազմերը իրենց ցաւակցութիւնը կը յայտնեն անոր ընտանեկան պարագաներուն, դուստրերուն՝ Դուինին եւ Լոռիին, կողակիցին՝ Մարալին, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի լայն շրջանակին։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին