Չորեքշաբթի, 04. 02. 2026

spot_img

Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամ

ՄԻԱՑԵԱԼ ԿՈՉ

ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ

 

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- ԳՈՐԾԵԼՈՎ համահայկական միասնութեան ոգիով,

ՈՂՋՈՒՆԵԼՈՎ Հայաստանի ժողովուրդի աւելի արդար եւ բաց հասարակութիւն մը ստեղծելու կամքը,

ՆԿԱՏԻ ՈՒՆԵՆԱԼՈՎ, որ Հա-յաստանի ու Արցախի զարգացումը անվիճելի առաջնահերթութիւն է Հայկական Սփիւռքին համար,

ՃԱՆՉՆԱԼՈՎ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի եւ իր միջազգային գործընկերներու նշանակալից նուաճումները, եւ այն իրողութիւնը, որ անցեալ 26 տարիներուն Հիմնադրամը ի մի խմբած է Սփիւռքի բոլոր գլխաւոր կառոյցները՝ Հայրենիքի զարգացման եւ մարդասիրական կարիքներու հոգացման ի խնդիր մեծածաւալ օժանդակութիւն հայթայթելու առաքելութեամբ,

ԵՒ ԶՕՐԱՎԻԳ ԿԱՆԳՆԵԼՈՎ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի նոր ղեկավարութեան վճռակամութեան՝ կազմակերպութեան թափանցիկութիւնն ու հաշուետուութիւնը արմատականօրէն բարելաւելու,

ՄԵՆՔ՝ ՍՏՈՐԱԳՐԵԱԼՆԵՐՍ,

ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵՆՔ մեր միաձայն աջակցութիւնը Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի առաքելութեան ու նպատակներուն,

ԵՒ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԵՆՔ իւրաքանչիւր ամերիկահայու՝ իր առատաձեռն մասնակցութիւնը բերելու Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Գոհաբանութեան Օրուայ Միջազգային Թելեթոնին, որ պիտի հեռարձակուի Հինգշաբթի, 22 Նոյեմբեր 2018-ին՝ առաւօտեան ժամը 10-էն մինչեւ գիշերուայ 10։ Թելեթոնին նպատակն է համայն հայութեան նեցուկով Հայրենիքի տարածքին կիրառել արդի ճարտարագիտութիւններ՝ ինչպէս խորքային հորեր ու կաթիլային ոռոգման համակարգեր, ինչպէս նաեւ տեղադրել արեւային ջերմուժի համակարգեր, որոնք բոլորը մեծապէս պիտի սատարեն Հայաստանի ու Արցախի երկրագործական աննախընթաց զարգացման, նոր գործերու ստեղծման, եւ ջերմուժային անկախութեան։

Հայրենիքի զարգացման ու բարգաւաճման սատարելը իւրաքանչիւր հայու պարտականութիւնն է։

 

Յովնան Արք. Տէրտէրեան

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւս. ԱՄՆ-ի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ

 

Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ

 

Վեր. Պերճ Ճամպազեան

Հիւս. Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան Հոգեւոր հովիւ

 

Միքայէլ Եպս. Մուրատեան

Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ

 

Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ

 

Աւետիք Իզմիրլեան

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կոդրոնական կոմիտէի համա-ատենապետ

 

Թալին Եագուպեան

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ

 

Սիլվա Փօլատեան

Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Շրջանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ

 

Միհրան Թումաճան

Ամերիկայի Հայկական Համագումարի Արեւմտեան շրջանի տնօրէն

 

16 Նոյեմբեր 2018

Լոս Անճելըս

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին