Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Լիբանանի Անկախութիւն. 75ամեակ Մեծ Պետութիւններու Ղեկավարներ Կը Շնորհաւորեն Նախագահ Աունը Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ- Այսօր Լիբանանի Անկախութեան 75ամեակն է: Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին այն առաջատար ղեկավարներէն էր, որ շնորհաւորեց Լիբանանը անկախութեան 75ամեակի կապակցութեամբ:
«Վստահօրէն պիտի շարունակուի արդիւնաւէտ գործակցութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ՝ ի նպաստ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ապահովութեան եւ կայունութեան բարձրացման»,- Լիբանանի նախագահական գրասենեակը մէջբերած է Փութինի՝ նախագահ Միշէլ Աունին յղած խօսքը:

Մեծն Բրիտանիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհին եւ Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպանը Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով բարօրութիւն եւ ուրախութիւն բարեմաղթեցին Լիբանանի բովանդակ ժողովուրդին:
Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպանի կողմէ նախագահ Միշէլ Աունին յանձնուած շնորհաւորական նամակին մէջ Էլիզապէթ Բ. թագուհին մասնաւորապէս ըսած է. «Ինծի համար մեծ ուրախութիւն է իմ ամենաջերմ շնորհաւորանքներս յղել Ձե՛րդ գերազանցութեան, ինչպէս նաեւ բարօրութիւն եւ ուրախութիւն բարեմաղթել Լիբանանի բովանդակ ժողովուրդին Ձեր ազգային տօնի՝ երկրի անկախութեան 73ամեակի կապակցութեամբ»:

Աուն շնորհաւորական նամակներ ստացաւ նաեւ Ալճերիոյ, Աւստրիոյ, Խրուաթիոյ, Եգիպտոսի, Կապոնի, Մորոքոյի, Պաղեստինի, Սէուտական Արաբիոյ, Սուրիոյ, Թունիսի եւ Թուրքիոյ նախագահներէն:

Անկախութեան տօնին առիթով այսօր տեղի պիտի ունենայ նաեւ զինուորական զօրահանդէս:         

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին