Երեքշաբթի, 03. 06. 2025

spot_img

Գալիֆորնիոյ Մէջ Հրդեհներու Զոհերու Թիւը Կ’աճի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ- ԱՄՆի Գալիֆորնիոյ նահանգի հիւսիսային Պիութի ստորաբաժանումին մէջ բնական հրդեհներու զոհերու թիւը հասած է 81ի: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, Նոյեմբեր 21ին յայտնած է «Associated Press» գործակալութիւնը: Այսպիսով Գալիֆորնիոյ մէջ հրդեհներէն զոհուածներու ընդհանուր թիւը ներկայիս կը կազմէ 84: Անյայտ կորսուած կը համարուի 699 մարդ:

Ինչպէս կը նշէ գործակալութիւնը, հրդեհէն զոհուածներու ինքնութիւնը կը պարզեն DNAի միջոցով: Ըստ վերջին տուեալներու՝ «Քեմբ» հրդեհէն Պիութի ստորաբաժանումին մէջ ամբողջովին այրած է աւելի քան 500 քառակուսի քիլոմեթր մակերեսով տարածք եւ ոչնչացուած աւելի քան 12 հազար շինութիւն: Նահանգի անտառատնտեսութեան եւ հրշէջ պահպանութեան վարչութեան տուեալներով՝ կրակի ճարակ դարձած է աւելի քան 10 հազար բնակելի շէնք: «Քեմբ»ը կարելի եղած է արգելափակել 65 տոկոսով:

Աւելի կանուխ ԱՄՆի նախագահ Տոնալտ Թրամփ տարերային աղէտի գօտի յայտարարած է Գալիֆորնիոյ նահանգը, հաղորդած է «ՏԱՍՍ»ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին