«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնին մէջ մասնակցած է Երեխաներու համաշխարհային օրուան նուիրուած հանդիպումին՝ միանալով ԵՈՒՆԻՍԵՖի՝ երեխաներու ձայնը լսելի դարձնելու համաշխարհային նախաձեռնութեան:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ միջոցառումին տարբեր կրթական հաստատութիւններ ներկայացնող երեխաները հնչեցուցած են զիրենք յուզող ամենատարբեր խնդիրները, որոնք առնչուած են ինչպէս իրենց իրաւունքները լսելի դարձնելուն, կրթական համակարգի փոփոխութեան անհրաժեշտութեան, այնպէս ալ համաշխարհային հարցերու՝ 21րդ դարու հմտութիւններուն՝ յօգուտ ապագային կատարուող ներդրումներուն եւ այլ թեմաներու:
Երեխաներու բարձրացուցած հարցերուն իր խօսքերուն մէջ անդրադարձած է նախագահ Արմէն Սարգսեան՝ շեշտելով, որ իրեն համար երեխաները Հայաստանի Հանրապետութեան ամենաարժէքաւոր քաղաքացիներն են. «Երեխաները ոչ միայն մեր ամենաարժէքաւոր քաղաքացիներն են, ոչ միայն այն անձինք են, ովքեր ապագայում յաջողութեան հասնելու հսկայական հնարաւորութիւն ունեն, այլեւ նրանք սովորում են շատ արագ: Սովորելն ամենաարժէքաւոր գործողութիւն է եւ, իմ սահմանմամբ, երիտասարդութեան չափանիշը»:
Անդրադառնալով օրուան բանախօս երեխաներու կողմէ բարձրացուած՝ կրթական համակարգին վերաբերող խնդիրներուն՝ նախագահ Սարգսեան նկատած է, որ բոլոր ժամանակներուն, նոյնիսկ իր ուսանողութեան տարիներուն, կրթական համակարգի փոփոխութեան հարցեր կը բարձրացուէին: «Ուսուցչի դերը ոչ միայն կրթելն է, այլեւ կրթուելն ու երեխայի մէջ գտնելու այն տաղանդը, շնորհքը, որը երեխան ունի, ինչպէս նաեւ աջակցել, որ այդ տաղանդը զարգանայ: Սա է ուսուցչի դերը՝ մանկապարտէզում, դպրոցում, թէ համալսարանում: Ձեզնից իւրաքանչիւրը ոչ միայն փայլուն ժողովրդի զաւակ է, այլեւ ունի տաղանդ, որը մի օր կը բացուի»,- ընդգծած է ան՝ աւելցնելով, որ ուսուցիչն ալ իր հերթին իր հեղիանկութեան համար պէտք է քրտնաջան աշխատի, որպէսզի վայելէ աշակերտներու յարգանքը: «Ուսուցչի եւ աշակերտի միջեւ երկխօսութիւն պէտք է լինի: Այդ երկխօսութիւնը պէտք է սկսուի վաղ տարիքից ու շարունակուի մինչեւ համալսարան, եւ այդ դէպքում կ’ունենանք իտէալական դպրոց, ուսուցիչ եւ աշակերտ: Մի կասկածէք՝ գիտելիքը կարեւոր է»,- ընդգծած է ան:
Նախագահ Սարգսեան նաեւ փափաքած է անձամբ ծանօթանալ միջոցառումի մասնակիցներէն 12ամեայ Գոռ Համբարձումեանի հետ, որ թէեւ տեսողական խնդիր ունի, բայց, դասերէն բացի, կը զբաղի երաժշտութեամբ, մարմնակրթութեամբ: Դիմելով Գոռին՝ նախագահը ըսած է, որ ֆիզիքական խնդիր կամ հաշմանդամութիւն ունենալը երբեք թերութիւն չէ: «Գոռը ոչնչով չի տարբերուում, գուցէ շատ աւելի մեծ առաւելութիւններ ունի, քան մեզնից շատերը: Որեւէ ֆիզիքական թերութիւն ունենալը թերութիւն չէ: Գոռ, դու վստահ եղիր, որ 21րդ դարում կը գտնուի ձեւ, որ դու կարողանաս տեսնել, եւ ես շատ ուրախ կը լինեմ, որ այդ օրը ինձ նամակ գրես եւ ասես. «Պարոն Սարգսեան, ես տեսնում եմ»: Միայն մի հիասթափուիր, մի վախեցիր, դու լիարժէք մարդ ես, ուժեղ մարդ ես, յաջողութիւն քեզ»:
Նախագահը մասնակցած է նաեւ ելոյթներուն յաջորդած քննարկումներուն, պատասխանած է երեխաներու հարցերուն:






