ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Տեղական մշակութային կարեւոր հաստատութիւններէն ԱՊՐԻԼ ԳՐԱՏՈՒՆ-ը 40-ամեակը պիտի տօնէ շնորհակալական երեկոյով մը, բոլոր անոնց որոնք մաս կազմած են իր ընտանիքին՝ Հինգշաբթի, 29 Նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Կլենտէյլի կեդրոնական գրադարանի սրահին մէջ: Մուտքը ազատ է: Հանդիսութեան պիտի հետեւի հիւրասիրութիւն: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել (818) 243-4112։
ԱՊՐԻԼ ԳՐԱՏՈՒՆ-ը հիմնուած է 1978-ին Նուպար և Յարութիւն Երէցեան եղբայրներուն և իրենց կողակիցներուն՝ Սեդային և Սիրունին կողմէ։ Ան Լոս Անճելըսի առաջին գրախանութն է, որ համայնքին մշակութային կեդրոնը դարձած է, շատ մը մտաւորականներու հանդիպման վայրը դառնալով: Գիրքերու կողքին, ԱՊՐԻԼ նաև հրատարակչական ու տպագրական ծառայութիւններ ալ մատուցած է, ինչպէս և գրական ու մշակութային ամսաթերթ մը, որ տեղացի և արտասահմանցի հեղինակներու գործերուն անդրադարձած է: 1994-ին ԱՊՐԻԼ տեղափոխուեցաւ Կլենտէյլ: Անոր մշակութային դերը աւելի յառաջդիմեց, երբ Յարութին որդին՝ Առնօ Երէցեանը 2010-ին իր հօր մահէն ետք ձեռք առաւ գործը: ԱՊՐԻԼ-ը այսօր բարգաւաճող կեդրոն մըն է, որ զանազան ձեռնարկներ կը հրամցնէ՝ ներառեալ հեղինակային երեկոներ, ֆիլմի ցուցադրում, երաժշտական համերգներ և գեղանկարչական ցուցադրութիւններ: Ան շատ իւրայատուկ հաւաքածոյ մը ունի հայերէն գիրքերու, տարբեր ժամանակներէ ու աշխարհի տարբեր անկիւններէն:
ԱՊՐԻԼ իր 40-ամեայ տարեդարձին առիթով տօնակատարութիւն մը պիտի սարքէ, յայտարարելու և երախտագիտութիւն յայտնելու բոլոր անոնց, որոնք մաս կազմած են ԱՊՐԻԼ-ի ընտանիքին և կարևոր ներդրում ունեցածած անոր յաջողութեան և գոյատևման մէջ: Բոլորդ բարի եկած էք:






