ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կիրակի, 11 Նոյեմբեր 2018-ին, Փասատինայի Հայց Առաքելական
Ս Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Իրաքի ՀԲԸ Միութեան փոխատենապետ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անդամ, Իրաքի Հայց Առաքելական Եկեղեցւոյ վարչական՝ Ողբ Համբարձում Շէհրանեանի մահուան քառասունքին առիթով:
Հոգեհանգիստը խնդրած էին Լոս Անճելըսի մէջ քառասուն տարիէ ի վեր գործող Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը եւ յարակից մարմինները: Հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք, սգակիրները Միութեան կողմէ հոգեճաշի հրաւիրուեցան «Կիրակոս» սրահ։ Ներկայ էին Հայաստանի Գուգարաց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ Տ Սեպուհ Արք Չուլճեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Սարգիս աւագ քահանայ Փեթոյեան եւ երէցկինը, Հայաստանի Բերքաշատ քաղաքի Ս Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Սահակ Քհնյ Մարտիրոսեան, որ այդ օրուան պատարագիչ քահանան էր, որուն կ՚ընկերանար երէցկինը, եւ Կլենտէլի Ս Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Զարեհ Քհնյ Մանսուրեան եւ երէցկինը:
Հանդիսավար բարեշնորհ Վահէ Սարկաւագ Չարխթեան, իր սրտի խօսքէն ետք, հրաւիրեց Գերշ Տ Սեպուհ Արք Չուլճեանը սեղանը օրհնելու: Սրբազան Հայրը, հոգեճաշի օրհնութենէն ետք, շատ յուզիչ խօսքով մը իր ցաւակցութիւնը յայտնեց Իրաքի ՀԲԸ Միութեան փոխնախագահին մահուան առիթով, Աստուծմէ խնդրելով որ ներկաներուն Սուրբ Հոգւոյն մխիթարութիւն պարգեւէ:
Խօսք առաւ միութեան հիմնադիր եւ պատուոյ նախագահ՝ Պրն Խաչիկ Ճանոյեան: Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ հոծ բազմութեան իրենց ներկայութեան համար, եւ շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց միութեան Կեդրոնական Վարչութեան այժմու նախագահ՝ Տոքթ Մարալ Անճարկոլեանին, որ օրուան հոգեճաշին ծախսը ամբողջութեամբ ինք նուիրած էր:
Պրն Ճանոյեան յիշեց, թէ «ինչ որ ցանես՝ այն կը հնձես» մարդիկ նարինջ կը ցանեն եւ բնական է որ նարինջ «հնձեն», բնական է որ երբ մարդիկ Ողբ Համբարձում Շէհրանեանին պէս՝ սէր, յարգանք եւ ծառայութիւն ցանեն՝ սէր, յարգանք պիտի հնձեն:
«Այսօր մենք մեր գործը, ընտանիքը եւ հանգիստը ձգած, եկած ենք մեր սէրը, յարգանքը տալու Ողբ Համբարձում Շէհրանեանին ու մանաւանդ Իրաքի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան շրջանակին եւ անդամակցութեան, իրենց փոխատենապետ, ազնիւ հայուն յաւիտենական մեկնումին տխուր առիթով», ըսաւ Պրն Ճանոյեան:
Ապա, յանուն Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութեան ղեկավարութեան, իր ցաւակցութիւնները յայտնելով հանգուցեալին տիկնոջ՝ Սիլվա Գնաճեան-Շէհրանեանին, եւ Իրաքի հայ գաղութի զաւակներուն, եզրափակեց իր խօսքը Պրն Ճանոյեան:
Եկեղեցւոյ երգչախումբին անդամներէն, մեծանուն արուեստագէտ Միքայէլ Սագայեանի որդիին՝ Օհաննէս Սագայեանի ձեռնադաշնակի (ագորտէոն) «Տէր ողորմեա»յի յուզիչ կատարումով աւարտին հասաւ հոգեհանգստեան հոգեճաշը:
Յարգանք Ողբ Համբարձում Շէհրանեանի բարի յիշատակին:
ՎԱՀԷ ՍՐԿ. ՉԱՐԽԹԵԱՆ






