«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ- Ղանայի փոխնախագահ Մահամուտա Պայումիա նախագահ Միշէլ Աունի, վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիի եւ խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի հետ հանդիպումէ ետք բարձր գնահատեց Լիբանանի՝ իր երկրին բազմապիսի նպաստները:
Ղանական պատուիրակութեան ուղեկցութեամբ Ղանայի փոխնախագահի եւ նախագահ Միշէլ Աունի հանդիպումը մասնաւորաբար կեդրոնացաւ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ղանայի՝ ԵՈՒՆԻՖԻԼին ցուցաբերած բազմաբղէտ օժանդակութիւններուն վրայ:






