«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ- Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին աշխատանքային մէկօրեայ այցով Նոյեմբեր 19ին կը մեկնի Թուրքիա:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնեն թրքական լրատուամիջոցները:
Տեղեկութեան համաձայն՝ Վլատիմիր Փութին Թուրքիոյ նախագահի հետ Իսթամպուլի մէջ պիտի մասնակցի «Թրքական հոսք» կազատարի ծովային հատուածի շինարարական աշխատանքներու աւարտին նուիրուած տեսաժողովին:
Այցի ծիրէն ներս Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահը հանդիպում պիտի ունենայ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ, որուն ժամանակ պիտի քննարկուին ռուս-թրքական յարաբերութիւններու եւ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու հետ կապուած շարք մը հարցեր:






