«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ- Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլ դիտել տուաւ, որ Հըզպալլա կուսակցութեան ամբողջական զօրակցութիւնը վայելող 6 սիւննի երեսփոխանները, որոնք տակաւին կը պահանջեն ներկայացուցչութիւն ձեռք ձգել նոր կառավարութեան մէջ, պէտք է անպայման հանդիպում ունենան վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիի հետ՝ երկխօսութեան միջոցով յարմարագոյն լուծումը գտնելու տուեալ խնդիրին:
«Երկու կողմերուն միջեւ կարեւոր է հանդիպումը, որպէսզի որոշ բաներ աւելի յստականան»,- ըսաւ Պասիլ սիւննի երեսփոխաններու հետ հանդիպումէ ետք մամլոյ հեռարձակուող ասուլիսի ժամանակ:






