ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը երէկ՝ 19 Նոյեմբեր 2018ին հերթական ժողով գումարեց իր կեդրոնատեղիին մէջ: Ժողովին ընթացքին քննարկուեցան ներ-կուսակցական կազմակերպչական խնդիրներ ինչպէս նաեւ լիբանանցի քաղաքացին յուզող հարցեր: Քննարկումը կեդրոնացաւ Լիբանանի ճամբաներու իրավիճակին վրայ, որոնք ջուրերով կը ողողուին հազիւ, որ անձրեւ տեղայ: Այս իրավիճակը քրոնիկ երեւոյթ է նամանաւանդ Լիբանանի ծովեզերեայ շրջաններու ճամբաներու պարագային:
Ժողովականները դժգոհութիւն յայտնեցին այն բանին համար, որ պատահեցաւ անցեալ Ուրբաթ օր, երբ տասնեակ հազարաւոր ինքնաշարժներ անշարժութեան մատնուեցան իրենց ճամբուն վրայ ծովեզերքի մայրուղին եւ Պէյրութի մուտքը անդամալուծած ահաւոր խճողումին պատճառով: Այստեղ հարց մը ինքզինք կը պարտադրէ. քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն ի վեր ո՞ւր մսխուած են այն տասնեակ միլիառի տոլարները, որոնք սկզբունքով յատկացուած էին երկրին ենթակառուցուածքը բարելաւելու:
Ո՞վ է պատասխանատուն այս ամէնամեայ խայտառակութեան: Ո՞ւր են պատկան մարմինները, որոնց պատասխանատուութիւն է համագործակցիլ տօնական, վթարային կամ բնական աղէտներու օրերու ընթացքին, քաղաքացիին կեանքը դիւրացնելու համար: Այս հարցումները դժբախտաբար սակայն պատասխան չունին, որովհետեւ հաշուետուն եւ հաշուառուն նոյնն է, բոլորն ալ մէկտեղուած կառավարութեան մէջ եւ այս՝ տասնամեակներէ ի վեր: Տխուր է յիշել, որ քանի մը օրէն մեր սիրելի Լիբանանին անկախութեան 75ամեակն է մինչ խնդիրները տակաւին կը մնան նոյնը անկախութենէն ի վեր…:
Հիմնուելով վերոյիշեալին վրայ, ժամանակն է այլեւս պատասխանատուներուն, փոխանակ հեռատեսիլի ծրագիրներու հիւր ներկայանալով միջազգային-քաղաքական մեծ-մեծ վերլուծութիւններ ընելով ժամանակ սպաննելու, զբաղին իրենց իսկ ընտրող քաղաքացիներուն առօրեայ հոգերով, որ պարզապէս կ՛ուզէ արժանապատուութեամբ երթեւեկել կամ ճշդուած ժամուն հասնիլ աշխատանքի: Մայրացող կնոջ մը տարրական իրաւունքն է հիւանդանոց հասնիլ ծննդաբերութիւնը կատարելու փոխանակ ճամբան խճողումի մէջ անզօր, խայտառակութեամբ լոյս աշխարհ բերելու իր զաւակը, բան մը, որ պատահեցաւ վերը յիշուած նշանաւոր օրուան ընթացքին:
Ժամանակն է, որ կանգ առնէ պետական պիւտճէի անխնայ մսխումը: Ժամանակն է չվատնելու երկրին կարողութիւնները: Ժամանակն է գումարները յատկացնելու երկրին բտած ենթակառուցուածքը արդիականացնելու, փոխանակ անտեղի ծրագիրներ մշակելու, ի միջի այլոց տօնական մեծածախս զարդարանքներով մրցելու, երեւոյթ մը, որ մեր հաւաքականութեան մէջ սկսած է տօնի մը իմաստէն աւելի կարեւոր դառնալ:
ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն