«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ- Երկուշաբթի ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփ շնորհաւորական նամակ յղեց վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիին եւ նախագահ Միշէլ Աունին, ուր ան անկախութեան տօնին առիթով բարեմաղթանքներ կատարեց բովանդակ Լիբանանի ժողովուրդին: Այս մասին կը տեղեկանանք վարչապետի պաշտօնակատարի տեղեկատուական գրասենեակի, ինչպէս նաեւ նախագահի թուիթըրեան յայտարարութենէն:
Իր նամակին մէջ Թրամփ բարձր գնահատեց Մայիսին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններն ու Լիբանանի կառավարութիւնը: «Մենք գիտակից ենք այն բարելաւումներուն, զորս Լիբանանի կառավարութիւնը արձանագրեց անցեալ տարի, ինչպէս՝ օրէնսդրական յաջող ընտրութիւններն ու ահաբեկչութեան դէմ կայուն պայքարը»:






