Ձախէն՝ Տոքթ. Աւետիս Տաքեսեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Սեդրաք Քիւրէճեան, Վիգէն Թոսունեան
Երկուշաբթի 19 Նոյեմբեր 2018-ի յետմիջօրէին, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը Ազգային Առաջնորդարան, ուր ընդունուեցաւ առաջնորդ Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս Ալեէմեզեանի կողմէ:
Հանդիպումին նպատակը Առաջնորդ սրբազանին տեղեկացնել էր ՌԱԿի նորակազմ վարչութեան ընտրութեան մասին:
Հանդիպումը առիթ մըն էր զօրակցութիւն յայտնելու Սրբազան հօր իր առաքելութեան ի նպաստ:
Սրբազան Առաջնորդը իր կարգին վեր առաւ երիտասարդութեան դերը հաւաքականութեան մը կեանքին մէջ: Ան յայտնեց, որ իր գործին կորիզը կը կազմեն երիտասարդները, որոնց հետ սկսած է աշխատիլ նոր ոճով, զանոնք մօտեցնելու համար Եկեղեցիին եւ ազգին: ՌԱԿի պատուիրակութիւնը պաշտօնապէս վերահասու եղաւ, որ ամէն Երեքշաբթի երեկոյեան ժամը 7:30-ին Ազգային Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան» սրահին մէջ տեղի կ’ունենայ երիտասարդական հաւաք, երիտասարդները յուզող հարցերու շուրջ քննարկումներ կատարելու համար: Ալեէմեզեան արքեպիսկոպոսը նաեւ անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ ծուխերու կարեւորութեան ու նշեց, թէ նոր մօտեցում կ’ունենայ անոնց հանդէպ, կատարելով այցելութիւններ անոնց ու ժողովուրդը մօտեցնելով Եկեղեցիին:
Զրուցակիցները ի միջի այլոց միասնաբար քննարկեցին Լիբանանի տնտեսական ծանր վիճակը եւ անոր պատճառ հանդիսացող արտագաղթը ու անոր դէմ դնելու միջոցները:
Հանդիպումի աւարտին, Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային վարչութեան պատուիրակութիւնը յաջողութիւն մաղթեց Սրբազան Հօր իր եկեղեցաշէն առաքելութեան մէջ: Ալեէմեզեան սրբազանը իր կարգին յարատեւութիւն մաղթեց ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային նորակազմ վարչութեան:
Տեղեկատուական Գրասենեակ