Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Պաքուն Բողոք Պիտի Ներկայացնէ ԱՄՆ-ին՝ Բակօ Սահակեանին Ամերիկեան Վիզա Տալու Համար

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ-Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն,  յայտարարած է, որ դիւանագիտական խողովակներու միջոցով բողոք պիտի ներկայացնէ ԱՄՆ-ին՝ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին ամերիկեան վիզա տալու համար:

«Անօրինական վարչաձեւի ներկայացուցիչի մուտքը Միացեալ Նահանգներ եւ ԱՄՆ-ի տարածքին անջատական կառոյցներու խրախուսման թոյլտւութիւնը կը հակասէ այդ երկրի պարտաւորութիւններուն իբրեւ Մինսկի խումբի համանախագահի, ինչպէս նաեւ անօրինական անջատական վարչաձեւը չճանչնալու մասին ԱՄՆ-ի բազմիցս յայտնած պաշտօնական դիրքորոշման: Այդ քայլը նաեւ վնաս կը հասցնէ հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային ճանապարհով»,- ըստ Azatutyun.am-ի նշուած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ի հաղորդագրութեան մէջ:

Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքականութեան գերատեսչութիւնը նաեւ նշած է, որ «անջատական վարչաձեւերու խրախուսման ուղղուած նման քայլերը հարցեր կ՝առաջացնեն, կապուած Ատրպէյճանի հանդէպ ԱՄՆ-ի յարաբերութիւններու անկեղծութեան հետ»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին