Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Նոյեմբեր 22-ին Աստիճանաբար Շրջանառութեան Մէջ Պիտի Մտնեն Նոր Սերունդի Թղթադրամները

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ- Հայկական դրամի 25-ամեակին առիթով, Նոյեմբեր 22-ին, աստիճանաբար շրջանառութեան մէջ պիտի մտնեն երրորդ սերունդի թղթադրամները: ՀՀ Կեդրոնական դրամատունը տարածած է նոր թղթադրամներուն մասին պատմող տեսանիւթ մը։ Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

Նոր սերունդի թղթադրամները տպագրուած են բարձրորակ հումքի վրայ, որուն իբրեւ  արդիւնք՝ թղթադրամները կրնան օգտագործուիլ 3-4 անգամ աւելի երկար: Նոր սերունդի թղթադրամները կը ներառեն այս պահուն գործող լաւագոյն պաշտպանական յատկանիշները՝ թղթադրամի հումքի մէջ ներառուած տեսանելի եւ անտեսանելի մանրաթելեր, պաշտպանական ներկեր, պաշտպանական մանրագիծեր, որոնք թղթադրամի պատճէնահանման պարագային կ՝աղաւաղեն պատկերը, ինչպէս նաեւ լուսածորող ներկով տպագրուած հատուածներ, որոնք տեսանելի են միայն անդրմանիշակագոյն լոյսի տակ:

Թղթադրամներու վրայ առկայ են նաեւ մանրատառաշար եւ մանրապատկերներ, որոնք տեսանելի են միայն խոշորացոյցով դիտելու պարագային, ինչպէս նաեւ թափանցիկ պատուհան: Նոր թղթադրամներուն վրայ առկայ են որոշ թուանշաններ, բառեր եւ պատկերներ, ինչպէս նաեւ տեսողութեան խնդիրներ ունեցող անձերու համար նախատեսուած յատկանիշ, որոնք եղած են խոր տպագրութեամբ եւ ունին բարձր մակերես ու յստակ կը շօշափուին:

1000 դրամ անուանական արժէքով թղթադրամի վրայ պատկերուած է Պարոյր Սեւակը, 5000 դրամի վրայ՝ Ուիլիըմ Սարոյեանը, 10 հազար դրամի վրայ՝ Կոմիտասը, 20 հազար դրամի վրայ՝ Յովհաննէս Այվազովսկին, 50 հազար դրամի վրայ՝ Գրիգոր Լուսաւորիչը: Շրջանառութեան մէջ պիտի մտնէ նաեւ նոր՝ 2000 դրամ անուանական արժէքով թղթադրամը՝ Տիգրան Պետրոսեանի պատկերով:

Նոր թղթադրամներուն հետ շրջանառութեան մէջ պիտի մնան 100 հազար դրամ անուանական արժէքով Աբգար արքայի պատկերով թղթադրամը եւ այժմ գործող նախորդ սերունդի թղթադրամները, որոնք շրջանառութենէն դուրս պիտի գան բնական մաշուածութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին