«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ- Վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի Երկուշաբթի Մուհամմատ մարգարէի ծննդեան տօնին առիթով թուիթըրեան յայտարարութեամբ յոյս յայտնեց երկրի տարածքին ապահովութեան եւ կայունութեան մակարդակի բարձրացման:
«Մուհամմատ մարգարէի ծննդեան տօնին առիթով լաւագոյն բարեմաղթանքներս կը յղեմ Լիբանանի ժողովուրդին, յատկապէս իսլամներուն: Թող Աստուած վերահաստատէ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը Լիբանանի մէջ»,- ըսուած է Հարիրիի թուիթըրեան գրառումին մէջ:






